«Միջին արեւելքի մէջ հայութեան ներկայութիւնը մեր դատին, մեր իրաւունքներուն, մեր գոյութեան եւ մեր ներկայութեան համար անհրաժեշտ գոյութիւն մըն է» «Արեւելք»-ին յայտնեց Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան:

Բերիոյ թեմի բարեջան առաջնորդը նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ պատերազմին մէջ գրանցուող զարգացումները տարբեր ուղղութիւններով կը զարգանան եւ այդ առումով պատասխանատու մարմիններ կոչուած են ամէն գնով իրենց աշխատանքի ծիրին մէջ առաջնային մտահոգութիւն դարձնել համայնքի անվտանգութեան խնդիրը:

Տ. Շահան Սրբազան խօսելով Սուրիոյ մէջ արձանագրուող պատերազմական գործողութիւններուն մասին ըսաւ, թէ «Ռազմական գործողութիւնները երբեմն կը զարգանան, աճ կ'արձանագրեն, կը դառնան տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն, եւ այս առումով կարելի չէ խօսիլ յաղթանակներու եւ պարտութիւններու մասին, կարելի չէ խօսիլ գալիք ժամանակներուն տեղի ունենալիք փոփոխութիւններուն կամ գործընթացներուն մասին, որովհետեւ եթէ պարզապէս միայն Հալէպը նկատի ունենանք եւ անոր աղերսուող ՄԱԿ-ի կողմէ ղրկուած պատուիրակութեան երեք յաջորդական անձերու փոփոխութիւնը, այս մէկը ցուցանիշ է բարդութեան ՝ այն կացութեան, որու մէջ կ'ապրի Սուրիան այս տագնապալի եւ պատերազմական գործողութեանց մէջ»:

Սրբազան հայրը նշեց, որ սուրիահայութեան անվտանգութեան ընդհանուր խնդրին վերաբերեալ համահայկական ընդանուր ծրագիր մը չկար բայց եղան տարբեր պատկերացումներ, որոնք բոլորն ալ ունին մէկ խորք, որն է պահպանել Սուրիահայութեան եւ հալէպահայութեան անվտանգութիւնը: Ան այս առումով ըսաւ, «Սուրիահայութեան համար համազգային եւ համահայկական ծրագիր չմշակուեցաւ բայց եւ այնպէս եղան համահայկական պատկերացումներ եւ ատոր համապատասխան որոշ տնօրինումներ գործադրուեցան»:

Սրբազանը նշեց, որ «Սուրիահայութիւնը այս տագնապին մէջ ամէն իմաստով վնասներ կրեց եւ կը շարունակէ կրել» նկատել տալով, որ իր կարծիքով Հալէպը որպէս քաղաք համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ասդին ամէնէն աւելի աւերակուած քաղաքն է այսօր:

Սրբազան հայրը խօսելով Հալէպը դատարկելու վերաբերեալ հնչած կոչերուն մասին նկատել տուաւ, որ այդպիսի ծրագիր մը գոյութիւն չունի բայց եւ այնպէս Հալէպի պատասխանատու մարմիններուն կողմէ համայնքին անվտանգութեան հիմնախնդիրը մշտական քննարկման առարկայ է, թէ՛ Հայաստանի պատկան մարմիններուն եւ, թէ ալ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բարձրագոյն մարմիններուն հետ:

Այս առումով Սրբազանը շեշտեց, որ միջին արեւելքի գոյութիւնը կարեւոր է, ոչ միայն սփիւռքին եւ հայ դատին համար այլ նոյնպէս Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Այս առումով Շահան Սրբազան ըսաւ՝ «Միջին արեւելքի հայութեան պարպումի քաղաքականութիւնը հայոց արդար դատին, ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման եւ անոր հետեւանքներու վերացման պայմաններուն եւ Հայաստանի անկախ ու ազատ հանրապետութեան համար շատ լուրջ խնդիր կրնայ ըլլալ»:

Սրբազանը խօսելով անցնող օրերուն իր Երեւան գտնուած պահուն հալէպահայերու հետ իր ունեցած շփումներուն մասին ըսաւ, թէ անոնց մօտ նկատած է Հալէպ վերադառնալու ընդհանուր փափաք մը եւ այդ մէկը պէտք է հասնկալ, որպէս Հալէպի եւ Սուրիոյ հանդէպ ընդհանուր կապուածութեան մը արտայայտութիւնը: Սրբացան հայրը իր խօսքը աւարտելով ըսաւ՝ «Մենք կառչած կը մնանք Հալէպին»: