Այսօր՝ Ուրբաթ, 2 Հոկտ. 2015-ին Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան հանդիպեցաւ հայաստանաբնակ սուրիահայերու հետ Երևանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքև։

Արարողութեան սկսելէ առաջ Սրբազան Հայրը շնորհակալական խօսքն ուղղեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին այս առիթի ընծայման համար։

Սրբազան Հայրը Ճաշու ժամերգութենէն ետք, հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեց ի յիշատակ Սուրիոյ մէջ զոհուած բոլոր նահատակներուն, ինչպէս նաև Հայաստանի սահմանագծին զոհուած զինուորներուն։ 

Ան իր հայրական պատգամին մէջ շեշտեց Աստուածաշնչեան «Սիրոյ մէջ զիրար գերազանցեցէք» հատուածը, քաջալերեց ներկաները և ոգևորեց զանոնք որպէսզի յաղթահարեն բոլոր խոչընթոտները։ Ներկայացուց մեր ժողովուրդի Եղեռնէն վերապրելու պահը, թէ ինչպէ՞ս անոնք Սուրիա հասած էին ցնցոտիներով, և ապա իրենց ընձեռուած բոլոր հնարաւորութիւնները գերազանցապէս կատարելով աղքատութենէն բարձրացան միջին դասակարգի, ապա ոմանք հարստացան և դարձան բարերարներ։ Ան յայտնեց. «Հիմա ալ նոյնն է վիճակը մէկ առաւելութեամբ՝ դուք հոս ձեր արմատներուն մօտ էք, ունիք կարելիութիւնը իրագործելու այդ ամէնը հոս, ձեր ճակտի քրտինքով, միայն քիչ մը համբերանքի և ժամանակի կը կարօտի»։

Ան զեկուցեց իր ներկայ գտնուած ձեռնարկներուն մասին, Միւռոնօրհնէքին և Ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն, այս գծով ան անդրադարձաւ. «Մենք Սուրիոյ մէջ մեր ներկայ նահատակներու արիւնով ոգեկոչեցինք Ցեղասպանութիւնը և վերապրեցանք Մեծ Եղեռնը»։

Հոգեպարար աղօթքներով և պահպանիչով փակուեցաւ արարողութիւնը։ Խմբանկար մըն ալ առնուեցաւ օրուան յիշատակը անմահացնելու համար։