Բոլորս տեղեակ ենք վերջին տարիներու Սուրիական պատերազմական իրադարձութիւններուն և անոր հետևանքով մեծաթիւ հայերու հոսքին մասին, ընդհանրապէս Սուրիայէն և յատկապէս Հալէպէն դէպի աշխարհի այլևայլ երկիրներ, ինչպէս նաև հոծ հալէպահայերու հոսքը՝ դէպի հայրենիք։

Հաճելի է սուրիահայերու հանդիպիլ Երևանեան տարբեր թաղամասերու մէջ, այգիներու մէջ խաղցող մանուկներու խմբակներու մէջ շօշափել անոնց երկլեզու համագործակցութիւնը։ Հաճելի է ունենալ հայալեզու դրացիներ, լսել հայահունչ մեղեդիներ ամենուրէք։

Յստակ է, որ հոս բնակութիւն հաստատած իւրաքանչիւր սուրիահայ կամայ թէ ակամայ կեանքի ամենադժուարագոյն պայմանները պիտի փորձէ յաղթահարել։ խօսքը չի վերաբերիր միայն տնտեսական ծանր իրավիճակին, որու մասին իւրաքանչիւր սուրիահայ արդէն տեղեակ է, այլ կը վերաբերի ընտանեկան ծանր պայմաններու՝ անհամաձայն ամուսնութիւններ, երիտասարդ զաւակներու արտասահմանեան երկիրներ ճամբորդելու պատճառով վատ պայմաններու մէջ յայտնուած ծերունիներ, ևայլն։

Նոյնանման պարագայի հանդիպեցանք, երբ այցելեցինք Երևանի Նորք-Մարաշ թաղամասի ծերանոցը։

Նորք-Մարաշի ծերանոցը կ՛ապաստանէ 230 ծերունիներ՝ 110 կանայք և120 տղամարդիկ։ Ծերանոցը օժտուած է ամէն տեսակի հանգստաւէտ պայմաններով՝ գրադարան, ընթերցարան, skype-ի սենեակ, այգիներ, մարզանքի սենեակ, ճատրակի և նարտիի սրահ, ֆիլմի ցուցադրութեան սրահ, ճաշարան։ Իսկ ծերունիներուն հոգեվիճակը միշտ բարձր պահելու համար կը կազմակերպուին միջոցառումներ, ներկայիս՝ պտոյտներ դէպի Սևան և այլուր։ Յոյժ գնահատելի է նաև բուժքոյրերու և բոլոր պաշտօնէութեան վարուելակերպը ծերերուն հետ։ 

Նորք-Մարաշի ընդարձակ ծերանոցը երեք յարկանի գեղատեսիլ շէնք մըն է։ Երբ կը շրջէինք 3-րդ յարկի միջանցքին մէջ, յանկարծ ականջիս շատ հարազատ հնչիւններ հնչեցին, արևմտահայերէն, դարձայ՝ պապիկ մըն էր Յակոբ Օհանեան անունով։ 90 տարեկան այս պապիկը տեղեկութիւններ յայտնեց իր բազմանդամ ընտանիքին մասին, ունի չորս զաւակներ՝ երկու մանչ, երկու աղջիկ։ Զաւակները ցրուած են զանազան երկիրներ։ Անդրանիկը մանչ է, 11 տարիներէ ի վեր կը գտնուի Ռուսաստանի մէջ, իսկ երկու աղջիկները և միւս մանչը՝ Ֆրանսա։ Յակոբ պապիկը այս ծերանոցի մէջ է 4 տարիներէ ի վեր։

Հալէպի հարցերուն սկիզբը Յակոբ պապիկը ցանկացած է տեղափոխուիլ հայրենիք։ Զաւակները բազմիցս  փորձած են զինք իրենց մօտ հրաւիրել, բայց ըստ երևոյթին չեն յաջողած և ծերունին որոշած է հաստատուիլ հայրենիքի մէջ։ Հոս դիմած է սփիւռքի նախարարութեան և որոշուած է զինք տեղաւորել այս ծերանոցը։ Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ սփիւռքի նախարարուհի՝ Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանին այս յարմարագոյն որոշումին համար, ինչպէս նաև ծերանոցի բոլոր աշխատակազմին, որոնք ջանք չեն խնայեր ծերերու կատարեալ խնամքին համար։

Աննկարագրելի էր ծերունիներուն ոգևորութիւնը ի տես օտար այցելուներուն։ Յիշեցի Հալէպի ծերանոցի ծերունիները, որոնց տարին մի քանի անգամ կ՛այցելէինք մեր ազգային պարտաւորութիւններէն մին կատարելու համար։ Հոն ծերանոցի այցելութիւնը նաև դպրոցական տարեկան այցելութիւններուն անբաժան մէկ մասն էր։ Երբ աշակերտներու այցելութեամբ ծերերը աւելի շոյուած կը զգային, իսկ աշակերտները այդ այցելութիւններէն դասեր կը քաղէին։

ճիշդ է, որ ծերունիները ուրախ էին, բայց և այնպէս նկատելի էր անոնց կարօտը ընտանեկան երդիքի տակ ապրելու, զաւակներով և թոռներով շրջապատուած իրենց հիմնած տաքուկ բոյներու հովանին վայելելու։ 

Այցելենք մեր տարեցները, անոնք շատ բաներ ունին ըսելիք, իսկ մենք՝ շատ դասեր ունինք քաղելիք անոնց կեանքի փորձերէն։