Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն ուղղած իր շրջաբերական նամակին մէջ շեշտեց, թէ «Արցախի միջազգային ճանաչման ժամը հնչած է։ Յատկապէս Սփիւռքը, իր քարոզչական ու յարաբերական լայն կարելիութիւններով կոչուած է Արցախի ճանաչման դրօշը բարձր պահել։ Արդարեւ, քաղաքներու, նահանգներու ու կազմակերպութիւններու կողմէ ճանաչման գծով առնուած որեւէ քայլ իր կարեւոր նպաստը կրնայ ունենալ միջազգային համայնքին կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչման մէջ»։ Ապա, ան թելադրեց առաջնորդ սրբազաններուն եւ ազգային իշխանութեանց ու յարակից մարմիններուն, հետեւողական աշխատանք տանիլ Արցախի միջազգային ճանաչման գծով։

Նորին Սրբութիւնը միաժամանակ յիշեցուց, թէ «գործնական բոլոր միջոցներով պէտք է շարունակենք մեր ամբողջական ու անվերապահ աջակցութիւնը հայոց բանակին։ Հայոց բանակը մեր հպարտութիւնն է, մեր ազգին ու հայրենիքին գոյութեան երաշխիքն է, բոլոր ճակատներու վրայ մեր հերոս տղաքը կը պայքարին գիշեր ու ցերեկ եւ պատրաստ են իրենց արիւնը թափելու Արցախի անկախութեան ի խնդիր»։

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հոգեւոր պետերուն, միջ-եկեղեցական կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն հետ իր յարաբերութեանց ընթացքին կը շարունակէ կարեւորութեամբ անդրադառնալ Արցախի ճանաչման հարցին։