Սփիւռքի մէջ հայապահպանման եւ հայակերտման սրբազան գործին նպաստող մեծագոյն ազդակ՝ հայկական մշակոյթի դերին նուիրուած էր Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած դասախօսական-գեղարուեստական երեկոն, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի 31 Մարտի երեկոյեան ժամը 8ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահներէն ներս։

Աթէնահայ մշակութասէր հանրութիւնը, որ կանուխէն փութացած էր ծայրէ ծայր լեցնելու սրահը, առիթը ունեցաւ վայելելու երկու մասի բաժնուած յայտագիրը։

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան  թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Խորէն եպս. Տողրամաճեան եւ Ֆիքսի հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհն. Շահինեան, Յունահայոց Ազգային Վարչութիւնը, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն, Յունաստանի մօտ ՀՀ ռազմական կցորդը, գաղութի միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ  ընկ. Մարիա Մարկոսեան-Տամատեան, որ նշեց, թէ Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը՝  անդրադառնալով հայկական մշակոյթի պահպանման յոյժ կարեւոր խնդրին սփիւռքի հայպահպանման գործին մէջ՝ նախաձեռնեց տուեալ ձեռնարկի կազմակերպման։
Ան ըսաւ թէ «այսօրուայ մեր ձեռնարկի նիւթը՝ «Մշակոյթի դերը սփիւռքի հայապահպանման մէջ», պատահական չէ ընտրուած: Հայոց գիրն ու լեզուն, հայ մշակոյթը, որ հայ մարդու հոգեմտաւոր հարստութիւնն են եղել դարերով՝ այցեքարտը ողջ աշխարհում, հայաշունչ, տոհմիկ, հայկական աւանդոյթներն ու սովորոյթները, որ հայ ազգի ինքնութեան պահպանման հիմքն են հանդիսացել եւ հանդիսանում են, հացի եւ ջրի պէս կենսատու մեր պապերից ժառանգած այս գանձերը՝ այսօր նահանջ են ապրում սփիւռքի հայկական գաղթօճախներէն ներս:
Հայ ազգը, որ դեռ եւս իր կազմաւորման առաջին օրերէն սկսեալ՝ Ք.ա. 3-2-րդ հազարամեակներէն, իր մայր բնօրրանում մշակոյթ է կերտել, հայ մարդը, ով դարեր շարունակ դաժան ճակատագրի բերումով օտարների լծի տակ գտնուելով անգամ, օտար մշակոյթների ճնշման տակ նոյնիսկ, ստեղծագործել է յամառութեամբ եւ նուիրումով: Մեծ ջանքերի գնով պահպանել է իր ազգային դիմագիծը, մշակութային գանձերի, արժէքների մեծ մասը՝ վանքեր, եկեղեցիներ, խաչքարեր՝ զարդարուած որմնանկ արներով եւ քանդակներով։ Մագաղաթներ ու ձեռագիր մատեաններ, գորգեր, կտաւներ, ազգային երգ ու պար, պատմամշակութային մասունքներ: Հայ ոգին, որ անկոտրուն է մնացել դարերով, ցեղասպանութեան ճիրաններից փրկուել է իր ամուր կամքի շնորհիւ: Սփռուելով ողջ աշխարհով մէկ՝ իր լեզուի, մշակոյթի ուժով զինուած՝ շուրջ մէկ դար շարունակ դիմագրաւել է գաղթականութեան դժուարութիւններին, միեւնոյն ժամանակ օտարութեան մէջ կայացել որպէս հայ ազգ»:
Ընկերուհի նախագահուհին ահազանգեց մեծ մշակոյթի ներկայ նահանջի մասին, նշելով որ արդի ժամանակներուն, օտար մշակոյթները, ընկերական մթնոլորտը, խառն ամուսնութիւնները՝ իրենց բացասական ազդեցութիւնը կը բերեն ազգային, աւանդական, հայրենասիրական արժէքներու պահպանման մէջ: «Այսօր, հայ դարերու մէջէն ժառանգած մեր նախնիներու այս հարստութիւնը մե՛ր ձեռքերուն մէջ է, մեր՝ նոր սերունդի՛։ Պէտք չէ ըլլանք երախտամոլ եւ ծոյլ՝ հայ մտքի եւ ոգիի այս սուրբ գանձերը արժանապատութեամբ պահպանելու եւ ապագայ սերունդներուն փոխանցելու համընդհանոր պարտաւորութեան հանդէպ: Մշակոյթը, եթէ ոչ այլ ինչ է՝ քան պարզապէս ՇՆՉԱՌՈՒԹԻՒՆ, ՀՈԳՒՈՅ ՃԻՉ, ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆՈՒՆԴ» եզրափակեց նախագահուհին:

Յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց հրապարակագիր ընկ. Նազարէթ Պէրպէրեանը օրուայ խօսքը փոխանցելու համար։
Ընկ. բանախօսը անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի մշակութային հարուստ ժառանգութեան, որը պահպանելու եւ սերունդէ սերունդ փոխանցելու մտահոգութեամբ կ'առաջնորդուին միութենական ջանքերը։ 
Երեք հաստատումներու ընդմէջէն՝ ան քննարկեց հայ ժողովուրդի քաղաքակրթական եւ մշակութային զարգացման  ընթացքը, կեդրոնանալով յետ-եղեռնեան Սփիւռքի հայապահպանման գործին վրայ։
Խօսեցաւ ազգային զարթօնքի շարժումի եւ աշխարհաբարի որդեգրումին, ինչպէս նաեւ պանդուխտ հայութեան, գաղութակազմութեան եւ հայապահպանութեան ճիգերուն մասին, հասնելով ներկայ իրավիճակներուն եւ հետզհետէ դժուարուացող ու մեզ նահանջի մատնող պայմաններուն մասին։ 
(Ընկ. Ն. Պէրպէրեանի խօսքը ամբողջութեամբ կը հրատարակենք մեր վաղուան թիւով)։

Գեղարուեստական յայտագիր
Գեղարուեստասէր ընկերներու կողմէ պատրաստուած յայտագրի երկրորդ բաժինը ընդգրկեց ասմունք, երգ, նուագ, պար։ Հայ մեծատաղանդ ստեղծագործողներու գործերը ներկայացուեցան արուեստասէր Համազգայնականներու եւ կամաւորներու կողմէ, որոնք իրենց երգով, նուագով, ասմունքով ու պարով վայելքի պահեր պարգեւեցին ներկաներուն։ Բացայայտ էր խնամուած յայտագիր մը պատրաստելու եւ պատշաճօրէն ներկայացնելու ճիգը, որ տարուած էր բոլորին կողմէ։
Հետաքրքրական բեմադրութեամբ եւ բծախնդիր համադրութեամբ իրար յաջորդեցին ասմունքն ու երաժշտութիւնը, հեքիաթի պատմուածքը, արտասանութիւնը, պարն ու նուագը, գեղեցիկ ամբողջութիւն մը կազմելով։ Հայ ազգի պարծանքներ Սայաթ-Նովայի, Արամ Խաչատուրեանի, Յովհաննէս Թումանեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Համաստեղի, Ռաֆայէլ Պատկանեանի, Եղիշէ Չարենցի, Բարսեղ Կանաչեանի գոհարները ներկայացուեցան,  տաղանդաշատ հայ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն կողմէ, խլելով ներկաներուն ծափահարութիւնները, որ մեծապէս գնահատեցին իրենց  մատուցուած գեղեցիկ երեկոյի  արդիւնքը։
Մեր գաղութի մշակութային կենսունակութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ է նմանօրինակ ձեռնարկներու կազմակերպումը, որ թարմ շունչ եւ թարմ ներկայութիւններ կը բերեն ազ գային մեր կեանքէն ներս։ 
Եւ յայտնի է թէ մեր ժողովուրդը գիտէ գնահատել եւ թեւ ու թիկունք տալ այսպիսի խանդավառ նախաձեռնութիւններու։

Գեղարուեստական յայտագրի մասնակիցներ

Նուագախումբ   
Սուզանա Սարտարեան (Քանօն) 
Լէֆդէրիս Խավուցաս (Քամանչա)
Մկրտիչ Պօղոսեան (Սազ)
Գրիգոր Թիֆթիկեան (Ուտ)
Սամուէլ Գալստեան (Տհօլ)
Քրիստինէ Էլամիրեան (Երգ)

Պարախումբ 
Գրիգոր Մկրտչեան 
Արսէն Սիմոսեան 
Ալպերթ Գալստեան 
Անդրանիկ Շահպազեան 
Անաստասիա Գույումճեան 
Վիքթորիա Մաղաքեան
Դանիա Գազարեան 
Թալին Չերչեան
Արմիկ Չերչեան

Ասմունք
Համբիկ Յովսէփեան
Արաքսի Միքայէլեան
Մարիանա Գույումճեան

Դաշնակ
Արմինէ Մկրտչեան
Գրիգոր Մկրտչեան

Հէքիաթ- երգ
Արշալոյս Սափրիչեան
Նայիրի Մովսեսեան

Երգ-կիթառ
Յովսէփ Թօփալեան