- Քիւրտերու առաջնորդը կ՛ամբաստանէ Թուրքիան ծայրայեղ մուսուլմանականներուն թիկունք կանգնելու մեղադրանքով։

- Միացեալ Նահանգներու Թեքսասի մէջ անձ մը կը սպաննէ 8 հոգիներէ բաղկացած ընտանիք մը։

- Պոլսոյ մէջ Ամերիկեան դեսպանատան վրայ յարձակած է կին մը, որ այժմ տեղի ոստիկանատան մէջ հարցաքննութեան կ՛ենթարկուի։

- Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի Շաբաթ օրուան ռմբակոծումներէն արձանագրուած են 10 զոհեր և 46 ծանր վիրաւորներ։

- Պոլսոյ ոստիկանատուներէն մէկուն մօտ ականուած ինքնաշարժի պայթիւնը պատճառած է 10 վիրաւորներ։

- Գանատացի աստղագէտի ուսումնասիրութիւնները կը բացայայտեն տեղեկութիւններ երկիր մոլորակին շուրջ պտտող մի քանի լուսիններու գոյութեան մասին։

- Լիպիայի մէջ ականուած ինքնաշարժի պայթիւնէն 8 զոհ։

- Հալէպի հիւսիսային շրջաններու դահեշականներու և Մուարատայի երէկուան ընդհարումներէն արձանագրուած է 50 զոհ։

- Լավրով՝ Միացեալ Նահանգները պէտք է համագործակցի Սուրիոյ հետ դահեշականներու դէմ պայքարելու համար։

- Համաշխարհային Կարմիր Խաչի հաշուետուութեամբ կը տեղեկանանք, որ Եմէն-Սաուտական Արապիայի ընդհարումներու սկիզբէն մինչև այսօր զոհերու թիւը հասած է 3800-ի, իսկ վիրաւորներու թիւը՝ 19000-ի։