- Միայեալ Նահանգներու օդուժը Սուրիոյ մէջ օդային յարձակումներով կ՛օժանդակէ «Ալ Մուարատա»-ին։
-Սաուտական Արապիոյ թագաւոր՝ Սալման Պըն Ապտէլ Ազիզ Ֆրանսայի մէջ խնդրահարոյց արձակուրդը վերջացուց և շարունակելու համար փոխադրուեցաւ Մարոք:
- Նիճերիոյ ոստիկանութիւնը Պոքօ Հարամ ահաբեկչական խմբաւորումներէն կրցաւ ձերբազատել 178 գերիներ, որոնք ձերբակալուած էին երկրի հիւսիս-արևելեան հատուածի Պորնօ նահանգին մէջ։
- Օպամա յայտարարած է, որ այսօր սկիզբ կ՛առնեն կլիմայական փոփոխութիւններուն համար ձեռնարկուելիք քայլեր։
- Ճոն Քերի յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները Եգիպտոսին բանակային օժանդակութիւն կը հասցնէ և կը համագործակցի Եգիպտոսի սահմանի ապահովութեան համար։
- Նիու Եորքի Impire State երկնաքերներու վրայ կը ցուցադրուին կորուստի վտանգի տակ գտնուող կենդանիներու պատկերները։
- Ճոն Քերի՝ Միջին Արեւելքը աւելի ապահով շրջան մը դարձած է Իրանի հետ միջուկայինի համաձայնութենէն ետք:
-Բրիտանիա եւ Ֆրանսա ՝ գաղթականութեան համաշխարհային տագնապը լուծելու կոչ կ'ուղղեն միջազգային ընտանիքին:
-Վեց շաբաթ փակ մնալէ ետք, Յունաստանի սակարանը այսօր կը վերաբանայ իր դռները:
-Ֆրանսա մերժեց Յունաստանը ժամանակաւորապէս ևրոգօտիէն մեկուսացնելու Գերմանիոյ առաջարկը: